ՍՈՒՐԻԱ
Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի կիսանդրիի բացում Քեսապի մէջ Օգոստոս 28-ին, Քեսապի կաթողիկէ Հայոց Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի յիշատակը յաւերժացնող կիսանդրիին բացումը` Քեսապի շրջանին Սուրիոյ վերամիաւորման համար երջանկայիշատակ կարդինալին կատարած մեծ միջնորդութեան 83-ամեակին: Այս առիթով պատարագ մատուցած է Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան:
Գերապայծառ Ասատուրեան այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ նշած է, որ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. կաթողիկոս-պատրիարքը մեծ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Քեսապը եւ անոր շրջակայ գիւղերը սուրիական գերիշխանութեան վերադարձնելու իմաստով` Սուրիայէն բռնախլուելէ եւ 1939-ին Թուրքիոյ միացուելէ ետք: Կարդինալ Աղաճանեան նաեւ պաշտպանած է սուրիական իրաւունքները Ալեքսանտրէթի նահանգին հարցով: Այսքանով չբաւարարուելով՝ ան նաեւ պաշտպանած է ընդհանրապէս պաղեստինեան եւ արաբական դատերը:
Գիտաժողով – Արաբական ծոցի երկիրներու Հայերը
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Գիտաժողով
Արաբական ծոցի երկիրներու Հայերը
(Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Պահրէյն, Սաուտ. Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Օման)
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը Երկուշաբթի, 12 եւ Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2022-ին պիտի կայացնէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր եօթներորդ եւ վերջին գիտաժողովը:
Գիտաժողովը պիտի կայանայ անձամբ ներկայութեամբ եւ/կամ հեռահաղորդակցութեամբ:
--- Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message
