RADIO AYK
RADIO AYK
Chake Grogan Շաքէ Մանկասարեան
«Նոր Յառաջ»-1773-ի ձայնագրեալ լրահոսը 01 Սեպտեմբեր 2022
4 minutes Posted Sep 18, 2022 at 8:31 am.
0:00
4:32
Download MP3
Show notes

Թուրքերը կը պատրաստուին հայկական եկեղեցին արուեստի կեդրոնի վերածելու Ըստ «Էրմէնի Հապեր»-ի՝ Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Մենեմէն քաղաքը գտնուող կիսաքանդ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի։

Այս հարցին անդրադարձած է Մենեէնի քաղաքապետի պաշտօնակատար Այտըն Փեհլիվան, նշելով որ եկեղեցին պիտի վերանորոգուի եւ պիտի օգտագործուի որպէս «Մշակոյթի ու գիտութեան կեդրոն»:

Փեհլիվանի համաձայն՝ եկեղեցին մինչեւ 1922 օգտագործուած է Հայերու կողմէ: Հետագային սրբատեղին անուշադրութեան մատնուած է եւ տարիներու ընթացքին կորսնցուցած՝ իր նախկին տեսքը:

“Վերականգնողական աշխատանքներու աւարտին կը նախատեսենք կառոյցը մեր ժողովուրդին ծառայութեան յանձնել՝ որպէս արուեստի ու գիտութեան կեդրոն”,– ըսած է քաղաքապետի պաշտօնակատարը: 

Նշենք, թէ Մենեմeնի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին լքուելէն ետք, Թուրքերու կողմէ որոշ ժամանակով օգտագործուած է իբրեւ զինուորական պահեստ, ապա՝ ախոռ։

---
Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message