ՖՐԱՆՍԱ–ՕՎԵՐՆԵԸ–ՌՈՆ ԱԼՓԻ ՇՐՋԱՆ
Արցախի սենեկային նուագախումբի հրաշալի ելոյթը Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի անկախութեան 31-րդ տարեդրաձին առիթով, Օվերնեը–Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդին կողմէ հրաւիրուած Արցախի սենեկային նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Լիոնէն ոչ հեռու, «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնին մօտ գտնուող կանաչապատ վայրին մէջ, բազմահարիւր երաժշտասէրներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Շրջանային խորհուրդի նախագահ եւ հանդիսութեան նախաձեռնող Լօռան Վոքիէ, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Արցախի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան, Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Անահիտ Յակոբեան, Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխաններ, քաղաքապետեր, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
ԹՈՒՐՔԻԱ
1600 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայան այս օրերուն Վանի նահանգին մէջ ծանօթացած է հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ պատմական ու կրօնական այլ յուշարձաններու վիճակին:
--- Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message
