- ՖՐԱՆՍԱ Գաննի քաղաքապետարանը քաղաքի ծառուղիներէն մէկուն նուիրեց Շառլ Ազնաւուրի անունը: Տանիէլ Գորտիէ հրապարակին եւ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերու եւ Ֆրանսայի համար նահատակուած հայ մարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին միջեւ գտնուող ծառուղին կը կոչուի «Շառլ Ազնաւուր»։
- Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած պատարագ Վատիկանի մէջ «Տէրը Հայաստանը դարձնէ տուն՝ հիմնուած Աստուածային իմաստութեան ժայռի վրայ»:
- Ֆրանսահայ բեմադիր, դերասան եւ ֆիլմարտադրող Սերժ Աւետիքեան յառաջիկայ գարնան կը սկսի իր նոր ժապաւէնին՝ «The Last Round in Istanbul» նկարահանումները:
Պահպանուած հնատիպ Հայերէն տպագիր գիրքերու ժառանգութիւնը Լեհաստանի մէջ դոկտ․ Արա Սայեղ
Դարերու ընթացքին գրաւոր մշակոյթի՝ ձեռագիրներն ու գիրքերը մշտապէս եղած են սփիւռքահայուն կեանքի ուղեւորութեան անբաժան, վստահելի եւ սրտակից ուղեկիցները: Բայց այդ գիրքերու դեքերումները բարդ եւ երբեմն ողբերգական պատմութիւններ եղած են անոնց սեփականատէրերու ճակատագիրներուն նման ։ Նոյն ճակատագրին արժանացած են նաեւ լեհահայ դարաւոր համայնքի հայերէն ձեռագիրներու, հնատիպ տպագիր գիրքերու վաւերական ժառանգութիւնը։ Որուն մէկ մասը պահպանուած է Լեհաստանի այսօրուայ սահմաններէն ներս, իսկ միւս մասը կորած կամ ոչնչացած է եւ կամ պահեստի վայրը անյայտ է։
Պէտք է մատնանշել, որ Նունէի պրպտումներն ու հետազօտութիւնը կարելի է համարել ամբողջացնող ինքնայատուկ շարունակութիւն մը, համալրող կամրջում մը Նունէի գիտական օգնական ղեկավարի եւ ներկայիս Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող դոկտ․ Փիրուզ Մնացականեանի հետազօտութիւններուն, որոնք աւարտած էին 26.Յունիս.2015 թուականին Փիրուզի դոկտորականի ատենախօսութեան հանրային պաշտպանութեամբ։
--- Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message
