Show notes
ՖՐԱՆՍԱ Հայաստանի դրօշը ծածանած է Փարիզի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ:
ՖՐԱՆՍԱ Հայաստանին ու Արցախին զօրակցութեան երեկոյթ Ծերակոյտին մէջ Հայաստանին ու Արցախին իր զօրակցութիւնը ամէն առիթով արտայայտող Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի տեղեկատուական խումբի նախագահ, ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթեյոյի եւ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի հրաւիրած շուրջ հարիւր առանձնաշնորհեալներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Տիգրան Եկաւեանի եւ Էրիք Տենեսէի համահեղինակութեամբ նոր լոյս տեսած «Սեւ մատեան»-ի ներկայացումը, որ Արցախի նուիրուած հատոր մըն է։
--- Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message
