RADIO AYK
RADIO AYK
Chake Grogan Շաքէ Մանկասարեան
«Նոր Յառաջ»-1778-ի ձայնագրեալ լրահոսը 13 Սեպտեմբեր 2022
4 minutes Posted Sep 18, 2022 at 8:41 am.
0:00
4:35
Download MP3
Show notes

Համացանցի վրայ կը գործէ «Կիւլպէնկեան»-ի Հայերէն-Անգլերէն կայքէջը

Արեւմտահայերէն լեզուի եւ մշակոյթի կենսունակութիւնը կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական

բաժանմունքի գործունէութեան կորիզը։ Մեր կայքէջը պարտի արտացոլել այս մօտեցումը, ներկայացնելով հայերէնը

որպէս ստեղծագործութեան, արհեստավարժ գործունէութեան եւ հաղորդակցութեան լեզու։ Ամիսներու

պատրաստութենէ ետք, մեր երկլեզու կայքէջը արդէն թողարկուած է՝ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋ

Հայերէն կայքէջի պատրաստութեան համար աշխատեցանք եւ դիմեցինք ծրագրաւորողներու, տառանկարողներու,

թարգմանիչներու, խմբագիրներու եւ պատկերազարդողներու։ Մեր նպատակն էր ունենալ հայերէն կայքէջ մը որ չի

զիջիր անգլերէնին եւ ունի նոյն առաւելութիւններն ու յատկանիշերը։

Կը յուսանք որ մեր կայքէջի հայերէն տարբերակը ունենայ բազմաթիւ այցելուներ։


Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք ■

---
Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message