ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆԸ՝ ՍԱԹԵՆԻԿ ԾԱՂԻԿԵԱՆ – ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԻ «ԱՆՄՈՌԱՑ ՏԱՐԻՆԵՐ – ՅԵՏԱԴԱՐՁ ՀԱՅԵԱՑՔ ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐ» ԳԻՐՔԻՆ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ:
Փրոֆ. Արա Սայեղ կը գրէ.-
Սիրելիներ՝ Բարի տնտեսի կիրակի բոլորիս
Իբրեւ հաւատարիմ ունկնդրողը ԱՅԳԻ կիրակնօրեայ հաղորդումներուն , այս առաւօտ դարձեալ հիացմունքով լսեցի մեր սիրելի Շաքէի գոհարներու հատիկներու նման հաղորդաշարին՝ «Սաթիկի գործնական լաւատեսութիւնը» գիրքին մասին սփռումը, այսպիսի վերնագրով տպաւորուեցաւ մտքիս մէջ, որով գիրքը չունիմ եւ առիթը չեմ ունեցած կարդալու։
Հիասքանչ էր այս հաղորդումդ Շաքէ, շատ նրբիկ, վայելուչ և համապարփակ ձեւով գրած է Նշանը այդ բազմիմաստ գիրքին ներածականը, կարծես լման գիրքին բովանդակութիւնը կարդացի, Նշանի գրիչը հոսուն է, հեզասահօրէն կը թափանցէ մեր ինքնութեան ամէնանուրբ ծալքերուն մէջ։
Սփիւռքի տարուայ առիթով ես կարծես սփիւռքի լայնածաւալ աւազանին մէջ խորասուզուեցայ, դեգերեցայ անոր բազմաբարդ տարածքին մէջ , Սաթիկի գրքին շնորհիւ եւ Նշանին գրութեամբ իմ հոգիին մէջ վերակենդանացաւ անյայտացածներու կեանքն ու իմաստը եւ հայօրէն ապրելու պայքարը։
Թող օրհնեալ ըլլայ արեւմտահայերէնի համար այնքան ժամանակակից այս մտայղացումդ եւ թայլայլող ձայնով սփռումդ, իսկ սիրելի Նշանին գրիչը առատօրէն թող հոսի ջրդեղելու սփիւռքի հայաշունչ աւազանի հայ բազմարժեք ժառանգութիւնը։
Ջերմօրէն՝ Արա
Շնորհակալութիւն Դոկտ. Արա գնահատականին համար: Շաքէն կը նմանի մեր օրերուն Զապէլ Եսայեանին: Եսայեանի ոճով ձեռնարկներ կը կազմակերպէ արդիական պայմաններուն պատշաճելով, կը քաջալերէ մշակոյթի զարգացումը: Իւրայատուկ անձնաւորութիւն:
Սաթիկը յուզուած երկտող մը գրեց ինծի: Այդ ուրախութիւնը Շաքէին ճիգին ճանաչումն ու վարձատրութիւնն է...
Բարի օր: Նշան

