„Koncert - Liturgia polskich ormian - na Boże Narodzenie-1”
Փրոֆ. Արա Սայեղ - Լեհահայ ծիսակատարութեան նուիրուած Սուրբ Ծննդեան համերգը - 1
Փրոֆ․ Արա Սայեղ կը գրէ։
«Լեհահայ երաժշտութիւնը ընդհանրապէս եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը մասնաւորպէս դարերու ընթացքին անցած է զանազան փուլերէ, վերամշակումներէն։ Կարելի չէ չանդրադառնալ պատմական անկիւնադարձային թուականներուն մանաւանդ 1630 ական թուականներէ ետք երբ հայ եկեղեցին լեհաստանի մէջ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ միացումէն ետք, իր հսկայական անդրադարձը ունեցաւ Լեհաստանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ քայքայումին, տեղւոյն հայ համայնքին վրայ յառաջացնելով բուռն ընդվզում, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վարչական պատկանելիութեան, հոգեւորականներու կազմին, կառոյցին, ծիսական եւ կազմակերպչական եւ յարաբերական փոփոխութիւններուն վրայ որոնք իրենց յատկանշական ազդեցութիւնները ունեցան նաեւ հայկական երաժշտական դարաւոր այդ ժառանգութեան վրայ»։
--- Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message
