RADIO AYK
RADIO AYK
Chake Grogan Շաքէ Մանկասարեան
«Նոր Յառաջ» Երկօրեայ թերթի 14 հոկտերմբեր 2021-ի լրահոսը
8 minutes Posted Oct 13, 2021 at 5:34 pm.
0:00
8:24
Download MP3
Show notes

«ՊԱՐԶ ՈՒ ՏԱՔՈՒԿ ԲԱՌԵՐՈՎ» ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ 

Ութսունամեայ յորդանանահայ գրող, բանաստեղծ Թադէոս Եսայեան գրականութեան սիրահարներէն է։ Անոր «Պարզ ու տաքուկ բառերով» բանաստեղծական ժողովածուին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Թէքէեան մշակութային տան յարկէն ներս՝ 20 սեպտեմբեր 2021-ին:

Շնորհանդէսը վարեց Շաքէ Մանկասարեանը, որ հատորին լոյս ընծայման աշխատանքներուն սատարած եւ հետեւած է հրատարակման գործընթացին: Բացումը կատարեց Գերշ. Արիս Արք. Շիրվանեան։ Ներկաները հաճոյքն ունեցան ունկնդրելու հատորէն կարգ մը ոտանաւորներ կատարմամբ՝ Քնարիկ Աբրահամեանի, Վարուժան Հեճինեանի եւ Շաքէ Մանկասարեանի: Սրտի խօսքերով հանդէս եկան փրոֆեսոր Սուրէն Դանիէլեանը, մատենագէտ, գրող Յովսէփ Նալպանտեանը, գրող Յակոբ Միքայէլեանը եւ «Արուեստի խաղաղութիւն» անշահոյթ կրթական կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը:

Հեճինեան, շնորհահանդէսին ընթացքին, «Արուեստի խաղաղութիւն» Կազմակերպութեան անունով, Երախտագիտութեան վկայականով պարգեւատրեց Թ. Եսայեանը: «Արուեստի խաղաղութիւն» https://peaceofart.org/ կազմակերպութիւնը կ'օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն՝ իրազեկելու մարդկային գոյավիճակը, կը նպաստէ մարդոց բարօրութեան եւ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման:

Ընթերցումները լսելէ ետք, պարոյկ մը կը յառաջանայ մեր մտահորիզոնին մէջ, թէ ինքնուս արեւմտահայերէնով ինչպէ՞ս կարելի է այսքան կատարեալին հասնիլ: Ինքնուս ըսինք, այո՛, Թ. Եսայեանը միայն Յորդանանի մէջ Ազգային Հեթումեան Վարժարանը յաճախած է, ապա

ուսումը՝ պսակաւոր ճարտարագիտական գիտութիւն, համալրած եւ կատարելագործած է աշխարհացրիւ զանազան համալսարաններու մէջ:


---
Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message