Փրոֆ. Դոկտոր Գէորգ Բաղդիշեանի՝ «Նախագրային կամ Բանահիւսական Մշակոյթ» աշխատութիւնը - Մտորումներ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով:
Դարեր առաջ եւ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը կը բաւականանար առաւելապէս ազգային բանահիւսական ստեղծագործութիւններու ոգիով: Հայոց բանահիւսական շրջանի մշակոյթը իւրատեսակ նախապատրաստումն էր մեր ժողովուրդի գրաւոր մշակոյթին: Այսինքն, Հայ ժողովուրդի բանահիւսական մշակոյթը, լեզուն նախորդած են գրաւոր մշակույթին, լեզուին եւ խօսքին:
Այս իմաստով, Փրոֆ. Դոկտոր Գէորգ Բաղդիշեան թարգմանչաց տօնի առթիւ իր մտորումները՝ «Նախագրային կամ Բանահիւսական Մշակոյթի» բաժնին մէջ, ան գիր, գրաւոր մշակոյթ դպրութիւն ունեցող հայ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթի մասին մեր գիտելիքներն առաւել գիտական եւ համակարգուած ըլլալու համար հարկ կը տեսնէ զայն բաժնել ժամանակագրական երկու մեծ հատուածներու:
ա) նախագրային շրջան,որ կու գայ դարերուն ընդմէջէն եւ
բ) Գրային շրջան, որ համեմատաբար, աւելի փոքր է ՝ ընդամէնը 1592 տարի:
Լսէք Փրոֆ. Դոկտոր Գէորգ Բաղդիշեանի «Նախագրային կամ Բանահիւսական Մշակոյթի» պատարուն, համակուած մանրամասնութիւնները «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարով, զոր կը ներկայացնէ Շաքէ Մանկասարեանը, Հայաստանի Հանրային Ռատիոյի եւ www.radioayk.com առցանց կայանի եթերներով ՝ Կիրակի 7 Մարտ 2021.... Երեւանի ժամով 12 կէսօր: Նաեւ դուք կարող էք լսել Radio AYK Podcast iPhone and Android ( Apple and Anchor.fm)

