RADIO AYK
RADIO AYK
Chake Grogan Շաքէ Մանկասարեան
Զրոյց՝ Դոկտոր Փրոֆ. Արա Սայեղի հետ
8 minutes Posted Mar 4, 2021 at 9:00 pm.
0:00
8:15
Download MP3
Show notes

Զրոյց՝ Դոկտոր Փրոֆ. Արա Սայեղի հետ:

  • Հալէպի ծնունդ եւ ներկայիս Լեհաստան բնակող դոկտ. Արա Սայեղ 1993-ին իր դոկտորականը ստացած է Վրոցլաւ քաղաքի ճարտարագիտական համալսարանի Կենսոլորտի բաժանմունքէն։
  • Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահը Անտժէյ Տուտան 2017 թուին զինք պարգեւատրած է «Ծառայութեան Արծաթէ Խաչ» շքանշանով:
  • 14 Յունուար 2021 թուին կ’արժանանայ Փրոֆ. Տիտղոսին Լեհաստանի Նախագահի կողմէ։
  • Ներկայիս Լեհաստանի կողմէ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպական Միութեան կողմէ «Horizon 2020» ձեռնարկութիւններու՝ “iWAYS – Innovative WAter recoverY Solutions through recycling of heat, materials and water across multiple sectors” գիտական ծրագիրին, որ կը գործէ Եւրոպական Միութեան դրամաշնորհի շնորհիւ չորս տարիներու (01.12.2020-30.11.2024) ծրագրով։ 
  • Փրոֆէսոր Սայեղի գլխաւոր մասնագիտութիւնն է ջերմային ուժանիւթի ասպարէզը, որ առնչուած է ջերմափոխանակումի, վերականգնումի ուժանիւթի աղբիւրներու, ջերմափոխանակիչներու, ջերմային PCM նիւթերու պահեստանոցներու եւ մանաւանդ ջերուցումի smart ցանցերու հարցերը, յատկապէս ապագայի ուժանիւթի smart համակարգերը:
  • Սուրիոյ մէջ իր հեղինակութեամբ եւ համահեղինակութեամբ հրատարակած է արաբերէնով հինգ գիտական գիրքեր, իսկ Լեհաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան 2019-ին իր հեղինակութեամբ անգլերէնով հրատարակած է իր գիտական մենագրութիւնը “Operational Flexibility of heat pumps in smart district heating” վերնագիրով, հեղինակ է նաեւ բազմատասնեակ գիտական հրատարակութիւններու որոնք լոյս տեսած են միջազգային պարբերականներու եւ գիտաժողովներու հրատարակութիւններուն մէջ :

Հաղորդումը պատրաստեց եւ ներկայացուց՝ Շաքէ Մանկասարեան: «Սփիւռքի Ձայնը» հաղորդաշար՝ 25 03 2021

---
Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message